2011-06-02 12:31:50

Համբարձում` Լրումն Փրկչագործութեան`
խորհրդածութիւն։


Քիստոսի Համբարձումը հանդիսաւոր փակումն է Անոր յետ յարութեան երեւումներուն. կնքումն է Քրիստոսի տնօրինութեանց, եւ պաշտօնական եւ տեսանելի բաժանումն է նիւթական աշխարհեն՝ մնալու համար իր հետեւորդներուն հետ հոգեպէս եւ բարոյապէս մինչեւ աշխարհի վախճանը:
Մեր Փրկչին համբարձումը աւանդութիւն մը չէ Ս.Կոյսի վերափոխման նման. այլ՝ յայտնապէս պատմուած է Աւետարաններու մէջ, եւ բազում ակնարկութիւններ կան այդ մասին նաեւ Պօղոսի եւ միւս Ընդհանրական Թուղթերուն մէջ, որոնց մանրամասնութեանց մէջ պիտի չմտնենք այստեղ: Մարկոսի Աւետարանը որ առհասարակ ժուժկալ եւ իրապաշտ մօտեցում ունի Քրիստոսի կեանքին եւ գործունէութեան, իր վերջաւորութեան այսպէս կ’անդրադառնայ այս դէպքին. «Եւ ինքը, Տէր Յիսուս, աշակերտներու հետ (վերջին անգամ) խօսելէ յետոյ երկինք համբարձաւ եւ նստաւ Հօրը աջ կողմը» : Գրեթէ նոյնն է մեր Հաւատոյ հանգանակին մէջ ըսուածը. «Ելեալ ի յերկինս, նստաւ ընդ աջմէ Հօր»: Սակայն Համբարձման դէպքին գլխաւոր պատմիչը Ղուկաս Աւետարանիչն է, որ կը ներկայացնէ զայն թէ՛ իր Աւետարանին մէջ եւ թէ մանաւանդ իր «Գործք Առաքելոց» գրքին մէջ աւելի, մանրամասնօրէն: Կարդանք զայն միասնաբար.
«Յիսուս իր չարչարանքներէն – ու մահէն – յետոյ յայտնեց ինքզինքը վերակենդանացած ձեւի տակ իր աշակերտներուն քառասուն օրեր, եւ խօսեցաւ անոնց այդ միջոցին Աստուծոյ արքայութեան մասին: Ու երբ անոնց հետ միասին էր, պատուիրեց որպէսզի Երուսաղէմէն չհեռանան, ըսելով. «Սպասեցէք Հօրս կողմէ եղած խոստումին, որու մասին ինձմէ լսած էք արդէն: Վասնզի Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, իսկ դուք պիտի մկրտուիք Ս. Հոգիով, յաջորդ քանի մը օրերու ընթացքին»: Ու անոնք հարցուցին. «Տէր, եկա՞ծ է արդեօք ժամանակը Իսրայէլի թագաւորութիւնը հաստատելու»: Ու ան պատասխանեց. «Ձեզի չվերաբերիր գիտնալ ժամերը եւ ժամանակները, զորս Հայրը վերապահած է Իրեն. սակայն դուք զօրութիւն պիտի ստանաք երբ Ս. Հոգին գայ ձեր վրայ եւ ինծի վկաներ պիտի ըլլաք, Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիոյ մէջ եւ մինչեւ աշխարհի ծայրերը»: Երբ այս ըսաւ, մինչդեռ կը նայէին անոնք, Յիսուս վերացաւ, եւ ամպը ծածկեց զԱյն անոնց տեսութենէն: Ու մինչ անոնք արձան կտրած Անոր երկինք երթալը կը դիտէին, յանկարծ երկու հոգիներ, սպիտակներ հագած, երեւցան ու ըսին. «Ով Գալիլիացիներ, ինչ կեցեր այդպէս երկինք կը նայիք, Յիսուս, որ հեռացաւ ձեզմէ երկինք բարձրանալով, նոյն կերպով պիտի վերադառնայ, ինչպէս տեսաք անոր երկինք բարձրանալը»:
Ապա Երուսաղէմ դարձան ձիթենեաց կոչուած լեռնէն, որ մօտ է Երուսաղէմին, հանգստեան օրը արտօնուած ճամբորդութեան մը հեռաւորութեամբը: Երբ քաղաք մտան, ելան վերնատունը, ուր էր իրենց օթեվանը…: Ու Առաքեալները, կարգ մը կիներու, Յիսուսի մայր Մարիամի, եւ Անոր եղբայրներու հետ միասին շարունակ աղօթքի մէջ էին»:
Համբարձման ընթացքին գործածուած «երկինք» բառի հասկացողութեան մէջ էականը անոր տեղադրութիւնը կամ դիրքը չէ, այլ պարունակութիւնը: Երկինքը, այսպէս ըսենք, Աստուծոյ «բնակարանն» է. այն «տեղը» ուր Աստուած «ներկայ» է: Քրիստոնէական ըմբռնումով Աստուած ամենուրեք է, եւ հետեւաբար «երկինքը» ամէն տեղ է:
Յիսուսի «երկինք ելանելը» շատ քիչ տարբերութիւն ունի Անոր «գերեզմանէն ելլել» էն: Այս երկու «ելք»երուն գրեթէ միակ տարբերութիւնը անոնց նպատակին մէջ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.